ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ՝ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Տարրական բաժնի դասարանները առցանց հանդիպում մը ունեցան դպրոցին ընկերային ծառայող՝ Տիկին Սիլվային եւ հիւանդապահուհիին՝ Տիկին Ծովիկին հետ: Վերջինս աշակերտներուն փոխանցեց առողջապահական գիտելիքներ՝ մարմնի մաքրութեան, շրջապատի մաքրութեան, առողջ կենցաղին եւ սննդակարգին մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Քորոնա ժահրին եւ անոր դէմ պայքարելու միջոցներու մասին: