ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2015-ին Ա. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Աշակերտները երգեցին, զուարճացան եւ «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցչուհիներուն: Անոնք ծանօթացան նաեւ տարրական բաժինի ուսուցիչներուն, դպրոցի կառոյցին, եւայլն: Ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Հիւրասիրութենէ եւ հաճելի ժամանցէ ետք, աշակերտները տուն գացին, Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբերին դպրոց վերադառնալու փափաքով: