ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2012-ին, դպրոց այցելեցին արաբերէն դասագիրքերու հեղինակ, Ճեմարանի նախկին արաբերէնի ուսուցիչ Ապտօ Լապաքի եւ լիբանանեան համալսարանի արաբերէն գրականութեան դասախօս Տոքթ. Րապիաա Ապի Ֆատէլ։ Անոնք նախ հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա բարձրացան սրահ, ուր Ճոյ Պասուս ընթերցեց բարի գալուստի խօսք մը, ապա ցուցադրուեցաւ Է. դասարաններու աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած «Նամակներ Ապտօ Լապաքիին» խորագրով տեսերիզը։ Ապտօ Լապաքի իր զմայլանքը յայտնեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան աշակերտներուն թելադրեց միշտ տէր կանգնիլ հայ մշակոյթին ու տարածել զայն աշխարհի բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ՝ կարեւորութիւն տալ ընթերցանութեան, որովհետեւ ան մեզ կը կազմաւորէ ու կը յղկէ։ Երկու բազմավաստակ լիբանանցի մտաւորականները այնուհետեւ այցելեցին Զ. դասարաններու աշակերտներուն։ Անոնք մեկնեցան դպրոցէն շատ գոհ սրտով ու միշտ իրենց կապը Ճեմարանի աշակերտութեան հետ ամուր պահելու խոստումով։