Աշուն է: Օդը պաղ է: Դաշտերը զարդարուած են աշնանային գոյներով:
Աշնան բառային դաշտը լաւ սորվելէ ետք, հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը: Անոնք ճեմեցին զարդարուն բնութեան մէջ, գոյնզգոյն ու չորցած տերեւներ հաւաքեցին:
Իրենց քննական միտքն ու երեւակայութիւնը զարգացնելու նպատակով անոնք ստեղծեցին չոր տերեւներով պատրաստուած իւրայատուկ եւ հետաքրքրական նկարներ :