ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Շաբաթ, 28 Մայիսին միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներէն Միրէյ Սալորեան, Արի Կարպուշեան, Լարա Գապասագալեան եւ Փաթրիք Թովմասեան դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին ընկերակցութեամբ մասնակցեցան TFI-ի (Tobacco free initiative) կազմակերպութեամբ միջդպրոցական աշխատանքային սեմինարի մը։ Զանազան դպրոցներէ եկած աշակերտական իւրաքանչիւր խմբակի տրամադրուեցաւ անկիւն մը, ուր աշակերտները ցուցադրեցին եւ ներկայացուցին ծխախոտի գործածութեան դէմ դպրոցէն ներս կատարուած աշխատանքները։ Նմանօրինակ սեմինարներու մասնակցած 150 դպրոցներէն 13 դպրոցներ, որոնց կարգին նաեւ Ճեմարանը, ամբողջացնելով ծխախոտի դէմ մղուած արշաւի ծրագրին բոլոր պայմանները ստացան վկայագիր Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութենէն (WHO)։ 31 Մայիսին Չծխելու Միջազգային Օրուան առթիւ, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան եւ ուսուցչուհիներէն Արշօ Ղազալ եղան հիւրերը OTV պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան հաղորդաշարին եւ խօսեցան դպրոցէն ներս տեղի ունեցած ծխախոտի դէմ արշաւին մասին։