ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐՈՒ ՓՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի ուսանողական հարցերու բաժինին, Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ին, տեղի ունեցաւ հայկական զարդանախշերու փորագրութեան աշխատանոց մը՝ Ժ. դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ:

Վաստակաւոր քանդակագործ Սուրէն Սարոյեանի ցուցմունքին եւ բացատրութիւններուն հետեւելով, աշակերտները սորվեցան եւ փորագրեցին զարդանախշերու վրայ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք կազմակերպող մարմինին՝ հաճելի եւ օգտաշատ այս աշխատանոցին համար: