ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԴԱՍԱՊԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2024-ին ֆրանսերէն լեզուով ընդհանուր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան պահուն, ուսուցչուհիին թելադրանքով, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներուս համար «տուրմի օր» էր։ Սովորութիւն էր անցնող տարիներուն, որ աշակերտները այցելէին Պէյրութէն հեռու գնուող տուրմի գործարան մը։ Լիբանանի պատերազմին պատճառով տեղի չունեցաւ այդ այցելութիւնը, եւ անոր փոխարէն դասարանէն ներս անցուցինք այդ պահը։

Իւրաքանչիւրս բերած էր տեսակաւոր տուրմեր, որպէսզի իրար հիւրասիրենք եւ միասնաբար ուտենք։ Մենք արդէն դիտած էինք տուրմի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը։ Դասարանին գրասեղանները միացուցինք դէմ դիմաց եւ մեր բերած տուրմերը շարքով շարեցինք ու սկսանք ուտելու։ Բոլորս ալ շատ ուրախ-զուարթ նստեր էինք թագաւորներու պէս, տուրմերը մեր դիմաց դրած անդադար կը շատախօսէինք ու կ’ուտէիք միասին։ Այնքան շատ կերանք, որ կարծես գինովցանք մեր ուրախութենէն ու գնդակի պէս ուռեցանք։ Բայց այնքան հաճելի էր մթնոլորտը, որ թէեւ շատ կերանք, բայց չդադրեցանք ուտելէ։

Մեր ուսուցչուհին Նոր Տարուան գեղեցիկ մաղթանքներ ուղղեց բոլորիս։ Այս տարի (Ը. դասարան) սկզբունքով վերջին տարին է, որ ան մեզի կը դասաւանդէ։    

Տուրմի հիւրասիրութեան պահը մեզի համար երազի մը նման էր, որովհետեւ  սովորականէն դուրս պահ մըն էր եւ առիթ մըն էր մեր կարողութենէն աւելի մեծ քանակով տուրմ ուտելու եւ մեր առօրեան մոռնալու, քիչ մըն ալ խենթութիւններ ընելու։

Պիտի չմոռնանք մեր սիրելի ուսուցչուհիին հետ մեր կազմակերպած այս ոչ սովորական բայց շատ հաճելի եւ ջերմ «Ամանորեայ» դասապահը։ 

Բալենի Աւագեան

Ը. դասարան