ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2013-ին, Ճեմարան այցելեցին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ Լիոնէն ժամանած Հիլտա Չոպոյեան։ Այցելուները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ եւ զրուցեցին Հայաստանի թէ Ճեմարանի մէջ դասաւանդուող հայագիտական նիւթերու մասին, ապա ծանօթացան դպրոցի զանազան բաժանմունքներուն։