ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «SOS Village»

Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Պհըրսաֆ (Bhersaf) գիւղ՝ այցելելու «SOS Village»:

«SOS Village»-ի մէջ կ’ապրին 1-էն 18 տարեկան 53 երեխաներ՝ 9 տուներու մէջ բաժնուած: Իւրաքանչիւր տուն ունի իր  «SOS մաման», որ կը խնամէ իր տան մէջ բնակող զաւակները, որոնք նոյն սեռի են եւ նոյն կրօնքը ունին: «SOS մաման» առանձին կին մըն է, որ ազգականներ, ծնողք չունի, ուստի ապաստան մը կը գտնէ այդ տան մէջ:

Երեխաները ընդհանրապէս որբ են կամ բաժնուած ծնողներու զաւակներ, անյայտ հօր զաւակներ եւ կամ ընկերային շատ դժուար պայմաններու մէջ ապրողներ: 53 երեխաներէն 49 կը յաճախեն սովորական դպրոցներ, անոնք հանրաշարժով կ’երթան ու կը վերադառնան տուն՝ իրենց «SOS մօր» քով:

Ճեմարանի Է. դասարանի աշակերտները շրջեցան «Village SOS»ի մէջ, տարբեր տուներ այցելեցին ու ծանօթացան հոն աշխատող մամաներուն, տնօրէնութեան, եւայլն: Անոնք իրենց հետ տարած էին նախապէս իրենց տուներէն բերած եւ ծրարած՝ քաղցրեղէններով լեցուն տոպրակներ իւրաքանչիւր երեխայի համար, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն համար՝ կաթ, շորիկ եւ կրկնեփուկ:

Անոնք շատ հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին, ստացան պատասխաններ եւ մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց, որմէ ետք պիտի երթային իրենց սեփակա՛ն տուները ու աւելիով զգային իսկական տան մը արժէքը: