ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «SAYDE» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ-ԾԵՐԱՆՈՑ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017-ին, այցելեցին «Sayde» հիւանդանոց-ծերանոցը, Անթիլիասի մէջ:

Աշակերտները ուտեստեղէն (շաքար, բրինձ, ոսպ, ձաւար) եւ մաքրութեան իրեր բերին եւ մեծ ուրախութեամբ ծերունիներուն նուիրեցին իրենց հետ տարած տոպրակները ու զգացին որ թէկուզ փոքր բան մը մեծ արժէք կրնայ ունենալ կարիքաւոր ու լքուած անձերու համար:

Աշակերտները գեղարուեստական յայտագրով մը ելոյթ ունեցան ծերունիներուն ներկայութեան, որոնք շատ գնահատեցին զիրենք ու ջերմօրէն ծափահարեցին:

Պատասխանատու քոյրը պատմական տեղեկութիւններ տուաւ այդ կեդրոնին մասին ու խրատեց աշակերտները, որ միշտ յարգեն մեծերը ու խնամեն զանոնք, ինչպէս որ անոնք ժամանակին կը խնամեն իրենց զաւակները: Ան եզրափակեց ըսելով, որ միշտ մեր սիրտերը բանանք ու սիրենք Աստուծոյ բոլոր ստեղծագործութիւնները ըլլան անոնք ծեր, անկար կամ տարբեր կարողութիւններով օժտուած էակներ:

Աշակերտները լիացած ու հոգեպէս հանգիստ եւ խաղաղ վերադարձան դպրոց՝ զինուելու ուսումով, որպէսզի ապագային կարեւոր մէկ մասնիկը դառնան ընկերութեան մը, ուր կան բազմատեսակ դժուարութիւններ: