ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ L.A.U. ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Ուսման կողմնորոշման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 21 Յունուար 2019-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ ԺԲ. դասարանէն հինգ աշակերտներ այցելեցին L.A.U. համալսարան՝ ներկայացնելու իրենց դիմումնագիրները եւ ծանօթանալու պատասխանատուներու հետ:

Անոնք օգտաշատ հանդիպումներ ունեցան «Recruitment office»-ի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի եւ կրթանպաստի գրասենեակի պատասխանատուին հետ: