Նախաձեռնութեամբ Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ Տիկ. Սիլվային, Տիկ. Շուշիկին, Տիկ. Սանտրային եւ Պրն. Սագոյին, այցելեցին «IRAP» կեդրոնը, որ խուլերու, համրերու եւ այլ դժուարութիւններ ունեցող փոքրերու եւ պատանիներու մասնագիտական դպրոց մըն է, որ կը գործէ 1960 թուականէն ի վեր:
Ճեմարանի աշակերտները դիմաւորուեցան «IRAP»-ի տնօրէնուհիին՝ Տիկին Սիմոն Մուպարաքին կողմէն: Հասնելուն պէս, աշակերտները ծանօթացան կեդրոնին պատանիներուն հետ, որոնք զբօսանքի ելած էին, եւ խաղացին անոնց հետ: Անոնք իրարու հետ հաղորդակցեցան նշաններու լեզուով (sign language) եւ պարզ լեզուով՝ տրուած ըլլալով, որ այնտեղի աշակերտները իրենց ականջներուն կը կրեն յատուկ սարքեր, որոնց շնորհիւ կը խօսին:
Զբօսանքին աւարտին, աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին սրահը, ուր Տիկին Մուպարաք ներկայացուց «IRAP»-ի պատմականը, աշակերտներուն դժուարութիւնները, դպրոցին գործելաոճը եւ պիւտճէի ապահովումը: Ապա աշակերտները շրջեցան դպրոցին զանազան բաժանմունքները, տեսան ձեռային աշխատանքի տարբեր աշխատանոցները, ուր դպրոցին շրջանաւարտները կը պատրաստեն զանազան պիտանի առարկաներ (լուսամփոփներ, անձեռոցներ, եւ այլն.) եւ ուտեստեղէն, որոնք կը վաճառուին դպրոցին եկամուտի աղբիւր հանդիսացող «Accueil IRAP» խանութին մէջ: Այցելութեան աւարտին, աշակերտները առիթը ունեցան մտնելու քանի մը դասարաններ եւ մօտէն ծանօթանալու դժուարութիւն ունեցող փոքրերու ուսման յատուկ ծրագիրներուն եւ մեթոտներուն:
Նշենք նաեւ, որ Ճեմարանի աշակերտները իրենց հետ «IRAP» տարին կրկնեփուկ եւ օշարակ՝ իբրեւ այնտեղի աշակերտներուն նուէր:
«IRAP» այցելութեամբ աշակերտները սորվեցան, որ պէտք է ընդունիլ եւ յարգել մարդ արարածը՝ անկախ անոր ֆիզիքական կամ մտային կարողութիւններէն եւ դժուարութիւններէն: