Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 8 Մայիս 2025-ին, Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «IRAP» (Institut de Rééducation Audio-Phonétique) խուլ-համր աշակերտներու մասնագիտական դպրոցը, իրենց հետ տանելով նուէրներ (կրկնեփուկ, օշարակ, եւայլն):
Աշակերտները ծանօթացան կեդրոնի իրենց տարեկից աշակերտներուն հետ, միասնաբար նախաճաշեցին, զբօսանքին միասին խաղացին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Աշակերտները շրջեցան կեդրոնին աշխատանոցին մէջ, լսեցին «IRAP»-ի պատմականը, անոր առաքելութիւնն ու կատարուող աշխատանքները: «IRAP»-ի աշակերտները ի ծնէ չեն լսեր, ուստի այս կեդրոնին մէջ թէ՛ բժշկական եւ թէ մանկավարժական միջամտութիւն կը ստանան եւ պատրաստ կ’ըլլան ընկերութեան մէջ ապրելու:
Աշակերտները նոր փորձառութեամբ զինուած վերադարձան դպրոց:
