Այցելութիւն Children’s Cancer Center եւ Զուարթնոց Կեդրոն

Տօնական օրերու նախօրեակին, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013-ին Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան եւ ուղղավարժ Մարիա Պիլէմճեան այցելեցին Children’s Cancer Center եւ տարրական ու նախակրթարան բաժիններու աշակերտներուն կողմէ բարեմաղթանքներով ու քաղցրեղէններով ուրախացուցին հիւանդները: Նոյն նպատակով, ֆրանսերէն լեզուի համադրող Անի Կէօքճեանի ընկերակցութեամբ անոնք այցելեցին Զուարթնոց Կեդրոն եւ Է. դասարաններու աշակերտներուն կողմէ շնորհաւորեցին Կեդրոն յաճախողներու կաղանդը: