ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «AUB»-Ի ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հնագիտութեան թանգարանը, ուր տեսան զանազան ժամանակաշրջաններէ մնացած իրեր։ Անոնք հոն ծանօթացան նորութիւններու եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։ Թանգարան այցելութենէն ետք, աշակերտները շրջեցան համալսարանը։

Դաստիարակիչ այս պտոյտէն ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց բարձր տրամադրութեամբ։