ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «AUB»-Ի ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներս մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչին եւ դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցինք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հնագիտութեան թանգարանը: Հազիւ հասանք, ծանօթացանք Դոկտ. Ժագ Նիւրբեթլեանին, որ մեզի բացատրեց, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ պիտի բաղկանար մեր այցելութիւնը:

Մեր առաջնորդները՝ Պարոն Հիւսէյն եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Մհեր Փելթեքեան, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին մարդու կազմաւորումին, տարբեր տեսակի հին արդուզարդերուն, առարկաներուն եւ արձաններուն մասին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Դոկտ. Ժագ Նիւրբէթլեանին, մեր առաջնորդներուն եւ մեզի ընկերակցող ուսուցչուհիներուն այս օգտաշատ այցելութեան համար:

Ծաւի Ղազարեան

Վանա Հաճի Մանուկեան