ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ ուղղուեցանք դէպի Ժպէյլ՝ հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Թանգարանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, կը մտնենք ներս: Բարձր պատերով եւ լայն սենեակներով վայր մըն է, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր հայոց ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի  մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ: Ապշած եմ. առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելեմ այս թանգարանը: Աջ ու ձախ կը տեսնեմ հայ որբուկներու արձանները, նկարները, եւայլն…: Ուշադրութեամբ կը մօտենամ ու կը դիտեմ ամէն բան, կը մտածեմ ու կը ցաւիմ տեսնելով որբացած անմեղ փոքրիկներուն նկարները: Կան նաեւ տեսերիզներ, որոնք կը պատմեն այդ որբերուն դժբախտ կեանքը:

Բոլորս լուռ էինք, ես իմ անձէս դուրս ելած էի: Մոռցած էի դուրսի աշխարհը, շուրջս դիտելով կը յառաջանայի: Հասայ հոն, ուր դրուած էր որբերուն անուանացանկը: Մօտեցայ եւ աչք մը նետեցի անուններուն: Ուշադրութիւնս գրաւեց «Չափարեան» մականունը: Սրտիս տրոփումները հասան մինչեւ ականջներս… Չափարեան  Յարութիւն, Չափարեան Պարգեւ, Չափարեան Սուրէն…: Աչքերս յառած այդ երեք անուններուն վրայ քարացած մնացի: Այո՛, ընտանիքիս անդամներէն ոմանք որբ մնացած ու հասած էին Լիբանան: Միաժամանակ ուրախութիւն մը ծագեցաւ մէջս. ընտանիքս փրկուած է, վերապրած է: Ճիշդ է, որ փորձեցին մեզ ոչնչացնել, բայց ահա այսօր մենք տակաւին կը գոյատեւենք իբրեւ հայեր, կը յաճախենք հայկական վարժարան, ուր կը սորվինք մեր լեզուն ու մեր պատմութիւնը: Այո՛, վերապրած ենք…:

Բառերը կը պակսին նկարագրելու համար զգացումներս: Անմոռանալի ժամեր անցուցի այս թանգարանին մէջ, ուր շաղկապուեցան յանկարծ մեր անցեալը, ներկան եւ դեռ գալիք ապագան…:

Լալէ Չափարեան

ԺԱ. դասարան