ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի տպարանն ու գրախանութը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին տպարանի գործիքները եւ յստակ գաղափար կազմեցին տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն մասին։ Անոնք դիտեցին գրախանութին մէջ ցուցադրուած գիրքերը եւ «Քաջ Նազարը» գիրքը նուէր ստացած վերադարձան դպրոց։