Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան եւ հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ձեւերուն եւ հանգրուաններուն: Աշակերտները այցելեցին նաեւ Համազգայինի գրախանութը, որուն տրամադրած նուէր-գիրքերով ուրախ-զուարթ վերադարձան դպրոց:
Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ գրախանութին: