ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՍԱՅՏԷ» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ուրբաթ, 19 Մարտ 2010-ին, Մէթնի գայմագամ (գաւառապետ) Ռանտա Հատտատի նախաձեռնութեամբ, մայրերու օրուան առթիւ, Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Սայտէ» հիւանդանոցը (Անթիլիաս): Հիւանդանոցի պատասխանատու Սէօր Սէսիլ եւ Անթիլիասի քաղաքապետը դիմաւորեցին աշակերտները: Աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին ծերերուն ու հիւանդներուն եւ «Ձեզմէ սորված ենք սէրն ու գուրգուրանքը» գրութեամբ բացիկներ յանձնեցին անոնց: Ճեմարանի աշակերտները ջերմացուցին մթնոլորտը անոնց հետ երգելով ու պարելով: