ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամերուն, Նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները, իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, ճանաչողական այցելութիւն մը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ քաղաքապետարանի զանազան աշխատանքներուն, յատկապէս մաքրութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող գործերուն:

Աշակերտները դիմաւորուեցան քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Էլի Նսէրի կողմէն: Վերջինս անոնց ուղեկցեցաւ քաղաքապետին՝ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ հանդիպման: Աշակերտները զրուցեցին քաղաքապետին հետ, անոր փոխանցեցին իրենց այցելութեան նպատակը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու քաղաքապետարանին կողմէն կազմակերպուող մաքրութեան արշաւին, որ տեղի կ’ունենայ ամէն ամսուան առաջին Կիրակի օրը:

Աշակերտներուն ծաւալուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան քաղաքապետարանի հինգ բաժանումներուն՝ տնօրէնութեան, հաշուապահութեան, ճարտարապետութեան, առողջապահութեան եւ ոստիկանութեան բաժանումներուն մասին, ապա անոնք շրջեցան կարգ մը գրասենեակներ, ուր մօտէն ծանօթացան կատարուող աշխատանքներուն:

Նկարները քաղուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի Դիմատետրի (Facebook) պաշտօնական էջէն: