ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները, իրենց Պատմութեան եւ Աշխարհագրութեան (Histoire-Géographie) ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Պէյրութի Ազգային Թանգարանը: Աշակերտները շրջեցան թանգարանին բոլոր բաժանումները եւ տեսան նախապատմական, հելլենիստական, հռոմէական, բիւզանդական եւ իսլամական քաղաքակրթութիւններու հարստութիւնները՝ քանդակներ, արձաններ, արձանագրութիւններ, կենցաղային առարկաներ եւ տապանաքարեր: Տիկին Շողիկը աշակերտներուն լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց դարերու ընթացքին յուղարկաւորութեան ծէսերու եղափոխութեան մասին: