ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց արաբերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, աշակերտներուն գիտելիքները ամրապնդելով։ Աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ արտասանեցին արաբերէն լեզուով անկախութեան վերաբերող խօսքեր։