ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Երեքշաբթի 21 Մայիս 2019-ին, Երկրորդական բաժինի Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Յիսուսեաններու Արեւելեան Գրադարանը (La Bibliothèque Orientale de l’USJ): Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ արդէն իսկ իր 144 տարիները բոլորած Միջին Արևելքի ամենահին գրադարանին, ինչպէս նաև վայելել գրադարանին սրահէն ներս ցուցադրուող Վարուժան Սէթեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսը:

Աշակերտները եւ իրենց Պատմութեան եւ հայ գրականութեան ուսուցչուհիները դիմաւորուեցան գրադարանի գլխաւոր գրադարանապահ Մակտա Նամմուրին կողմէ, որ մանրամասն ձևով աշակերտներուն ներկայացուց Արեւելեան գրադարանին հարուստ պատմութիւնը: Գրադարանը Հիմնադուած է 1875 թուականին, Université Saint-Joseph (USJ) համալսարանի հետ միասին. Արեւելեան Գրադարանը արեւելագիտության բնագաւառէն ներս հետազօտութիւններու համար մշակութային եւ գիտական բացառիկ միջավայր մըն է: Գրադարանի Հայկական ֆոնտի պատասխանատուն գրադարանի ընթերցասրահին մէջ Ճեմարանի աշակերտներուն համար պատրաստած էր հայերէն ինչպէս նաեւ հայագիտական նիւթեր ուսումնասիրող հնատիպ եւ նոր գիրքեր:

Արեւելեան գրադարանին գետնայարկ ցուցադրասրահը այցելելով , Ժ. դասարանի աշակերտները ծանօթացան դիմանկարիչ ու բնանկարիչ Վարուժան Սէթեանի (1927-2003) լուսանկարներուն, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանն ու Լիբանանի բնակիչները «Փառաւոր երեսուններուն» (Les Trente Glorieuses , 1945-1975): Լուսանկարչադարանի աշխատակիցները հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուին ամէն մէկ լուսանկարի մասին: Կարեւոր է նշել, որ ցուցադրուած հաւաքածոյին մէջ առիւծի տեղը կը գրաւէին լիբանանահայ համայնքը եւ Հայ մտաւորականութիւնը (ինչպէս օրինակ Ճեմարանի տնօրէններէն Սիմոն Վրացեանի դիմանկարը կամ հայ քաղաքական գործիչ, Ֆէտայի, գրագէտ եւ Ճեմարանի հայերէն գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասատու՝ Կարօ Սասունին): Այցելութեան աւարտին Ճեմարանականները կարճ հանդիպում մը ունեցան Լուսանկարչադարանի գլխաւոր տնօրէն, հնագէտ եւ պատմաբան փրոֆէսէօր Լեւոն Նորտիկեանին հետ: