ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՄԱՐԻ ՊԱԶ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Արաբերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Տէյր Ըլ Ամար եւ այցելեցին «Մարի Պազ» թանգարանը, ուր կը գտնուին Լիբանանի պատմութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած լիբանանցի թէ համաշխարհային անձնաւորութիւններու մոմէ արձանները:

Աշակերտները ուղեցոյցի մը ընկերակցութեամբ շրջեցան թանգարանին մէջ եւ ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները: