Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները Մայրավանք այցելեցին, իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի հրաւէրով։ Աշակերտները Մայրավանքէն ներս նախաճաշեցին, ապա ծանօթացան Կաթողիկոսարանի գործունէութեան եւ զանազան բաժանմունքներուն. անոնք այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ, միաբանական դամբարան եւ «Կիլիկիա» Թանգարան։
Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց աշակերտները, եւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը:
Այցելութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» երգով: