ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Թ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին եւ իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ճինիշեան» հաստատութիւն:

«Ճինիշեան»ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան դիմաւորեց զիրենք եւ բացատրութիւններ տուաւ հաստատութեան մասին: Աշակերտները դիտեցին անոր պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, ապա շրջեցան զանազան բաժինները, որմէ ետք խմբակներու բաժնուեցան եւ աշխատանոցի  մը ընդմէջէն աւելի եւս ծանօթացան «Ճինիշեան» հաստատութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան: