ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ԵՒ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Է. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեանին եւ իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ճինիշեան» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնները:

«Ճինիշեան»ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան դիմաւորեց զիրենք եւ բացատրութիւններ տուաւ «Ճինիշեան» հաստատութեան պատմութեան եւ մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան մասին: Ապա վարժողական ծրագիրով կեդրոն գտնուող Հայկազեան համալսարանի ընկերային ծառայութեան ուսանողներ խօսեցան իրենց փորձառութեան մասին: Աւարտին, Քրիստին Դանիէլեան շեշտեց, որ «Ճինիշեան» կեդրոն դիմողները կը ստանան այնպիսի հոգատարութիւն, որպէսզի ինքնաբաւ ըլլան, եւ իւրաքանչիւր ընտանիք զերծ մնայ ընկերային դժուարութիւններէ:

Աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն հետ քալելով ուղղուեցան «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, ուր դիմաւորուեցան ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանի կողմէ, որ բացատրութիւններ տուաւ  կառոյցին զանազան բաժիններուն, տարբեր ծրագիրներուն ու մատուցուած ծառայութիւններուն մասին: Աշակերտները շրջեցան տարբեր բաժանմունքները եւ ծանօթացան բոլոր աշխատանքներուն: Աւարտին, անոնք ծանօթացան հաստատոււթեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի հետ, որ խօսեցաւ այսպիսի կեդրոնի մը կարեւորութեան մասին: