Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, Լիբանանի աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ղանտուր»-ի գործարան:
Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները լիբանանեան արտադրութեան մասին, շրջելով գործարանին մէջ եւ ծանօթանալով աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն:
Այցելութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու: