ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։

Անոնք ծանօթացան հրշէջներուն եւ խօսեցան հրշէջին պարտականութիւններուն մասին: Ապա ուսումնասիրեցին հրշէջներու ինքնաշարժը եւ անոր զանազան բաժանումները:

Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։