ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2017-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն, Պուրճ Համուտ։

Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազն ու ինքնաշարժը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ: Անոնք դիտեցին նաեւ շտապ օգնութեան հիւանդատար մեքենան եւ սորվեցան, թէ ի՛նչպէս կը տեղափոխեն հիւանդը:

Աշակերտները սորվեցան հրշէջի գործին կարեւորութիւնը: Անոնք ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։