Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 20 Մարտ 2025-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին ՔԱՀԼ-ի «Հայ տարեցներու տուն»: Տիկ. Հուրի Մուշեան դիմաւորեց աշակերտները եւ բացատրութիւններ տուաւ ՔԱՀԼ-ի գործունէութեան մասին:
Ապա աշակերտները այցելեցին տարեցներուն, միասնաբար զրուցեցին եւ ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը՝ ասմունքեցին, երգեցին, պարեցին ու շատ զուարճացան: Աւարտին, աշակերտները յանձնեցին իրենց բերած նուէրները ու մեկնեցան դպրոց գոհունակ: