Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 10 Մայիս 2019-ին, Ը. դասարանի աշակերտներս, դպրոցէն ուղղուեցանք դէպի ՔԱՀԼ-ի «Հայ տարեցներու տուն»: Հոն, շատ սիրալիր ձեւով մեզ դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ պատասխանատու Սոնիկ Կէտիկեան: Պատուելին խօսեցաւ ՔԱՀԼ-ի հիմնադրութեան պատճառներուն եւ գործունէութեան մասին, ապա բացատրեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ գտնուող տարեցներ կ’ընդունուին հոն: Միաժամանակ դիտեցինք հեռարձակումով ներկայացում մը՝ տարեցներու առօրեան եւ հաստատութեան նախաձեռնութիւնները տարուան տարբեր տօներուն ընթացքին: Պատուելին խօսեցաւ տարեցներու վիճակին եւ այնտեղ տիրող մթնոլորտին մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ հասոյթ ապահովող միջոցներուն, ճաշկերոյթներուն ու տօնակատարութիւններուն:
Յետոյ այցելեցինք տարեցներուն, որոնք անհամբեր մեզի կը սպասէին: Միասնաբար երգեցինք, պարեցինք, նուագ ունկնդրեցինք, խօսակցեցանք եւ շատ զուարճացանք:
Անձնապէս շատ յուզուեցայ. ուշադրութիւնս գրաւեց մանաւանդ ֆրանսախօս տարեց մը, որ շա՜տ տպաւորեց զիս, թէեւ տխրութիւն մը նկատեցի անոր աչքերուն մէջ: Ան ըսաւ, որ շատ կը ձանձրանար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր այցելութեան համար: Ապա գացինք կողքի շէնքը՝ՔԱՀԼ, ուր կան քանի մը աչազուրկ եւ տղամարդ ծերունիներ եւ զրուցեցինք անոնց հետ եւս:
Աշակերտներս սրտաբուխ նուիրատուութեամբ ստանձնեցինք տարեցներու տան այդ օրուան ճաշը:
Շատ մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին այս այցելութիւնը, որովհետեւ իրապէս լա՛ւ փորձառութիւն մըն էր, որ երկար ատեն վստահ եմ դրոշմուած պիտի մնայ միտքիս մէջ:
Գալին Գիլէճեան
Ը. դասարան