ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած «Հայկական լեռնաշխարհից ծնուած ոգին» խորագրով Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական չորրորդ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցած Ճեմարանի հինգ աշակերտները՝ Միրէյ Սալորեան (առցանց քուէարկութեան լաւագոյն արդիւնք), Հրանդ Գալեմքէրեան, Իլայ Ծատուրեան, Էտուարտ Թաշճեան (խրախուսական մրցանակ) եւ Կալի Քէշիշեան, իրենց նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանի եւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին դեսպանատուն՝ Լիբանանի մէջ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հրաւէրով: Անոնք հիւրընկալուեցան դեսպանին կողմէ, որ խօսեցաւ հայ մշակոյթի ու արուեստի կարեւորութեան մասին եւ գնահատեց աւարտական հանգրուան հասած հինգ աշակերտները: Ան Էտուարտ Թաշճեանին յանձնեց խրախուսական մրցանակը եւ իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց մրցոյթի գրքոյկը: