ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարան։ Անոնք հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ընթացքին։ Աշակերտները տպարանէն ուղղուեցան Կաթողիկոսարան, ուր դիտեցին հայերէն հրատարակութիւններ: Անոնք գնեցին զիրենք հետաքրքրող գիրքեր: Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութեան եւ Կաթողիկոսարանին, որ առիթը կ’ընծայեն հայ աշակերտին հաղորդակից մնալու մեր գիր ու գրականութեան: