ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը եւ դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած գիրքերը։ Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ գրախանութի տնօրէնութեան։