ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ապրիլեան ձեռնարկներու եւ հայոց պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը:

Աշակերտները բացատրութիւններ ստացան թանգարանային իրերուն մասին եւ նոր գիտելիքներով լիցքաւորուած վերադարձան դպրոց: