ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2018-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանքին «Կիլիկիա» թանգարանը:
Աշակերտները մօտէն ծանօթացան Կիլիկիոյ պատմամշակութային եւ հոգեւորական գոհարներուն: Անոնք տեսան Սուրբ Միւռոնի կաթսան, Սուրբ Սեղբեստրոսի աջը, Յիսուսի փշապսակին մասունքը, եկեղեցական թանկարժէք զգեստները, Աւետարանները, ձեռագիր եւ տպագիր մատեանները, հայկական հին եւ օտար մետաղադրամները, հնագիտական նմուշները, հայկական գորգերը, եւայլն.: Աշակերտներուն տրուեցան նաեւ պատմական տեղեկութիւններ:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան գիտելիքներու հարուստ պաշարով: