ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն:

Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով իրենց հետաքրքրութիւններուն: