ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Երեքշաբթի 11 Մարտ 2025-ին,  միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն:

Կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան ընդունեց աշակերտները ու միասնաբար շրջելէ ետք Կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները, հաւաքուեցան Շրջանային Վարչութեան յարկը, ուր տնօրէնուհին խօսեցաւ ԼՕԽ-ի բարեսիրական առաքելութեան մասին: Ապա հիւանդապահուհի Փաթիլ Մարսիմ աշակերտներուն ներկայացուց ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:Աւարտին, Կեդրոնի մուտքին խմբանկար մը նկարուելէ ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց: