Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 5 Ապրիլ 2019-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: