ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2023-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը եւ լսեց աշակերտներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները։

Աշակերտները շրջեցան կառոյցի զանազան բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ ստացան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան մասին, միաժամանակ անոնք առիթ ունեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանուելու:

Այս այցելութիւնը կը միտի կեանքի նոր հանգրուանի սեմին գտնուող աշակերտները իրազեկ դարձնել Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, որպէսզի հետագային իրենք եւս ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարելիութիւններուն ներդրում ունենան ազգային կեանքին մէջ: