ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հետ զրոյցէ մը ետք, առաջնորդարանի տնօրէն Րաֆֆի Տէմիրճեանի ընկերակցութեամբ աշակերտները շրջեցան կառոյցի զանազան բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ ստացան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան մասին, միաժամանակ անոնք առիթ ունեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանուելու:

Այս այցելութիւնը կը միտի կեանքի նոր հանգրուանի սեմին գտնուող աշակերտները իրազեկ դարձնել Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, որպէսզի հետագային իրենք եւս ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարելիութիւններուն ներդրում ունենան ազգային կեանքի մէջ: