Լիբանանի անկախութեան տօնին ընդառաջ, Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Նախակրթարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը (قاعدة بيروت الجوية):
Այցելութեան ընթացքին, սպաները աշակերտներուն ներկայացուցին կառոյցին տարբեր շէնքերն ու բաժանումները: Աշակերտները առիթը ունեցան տեսնելու լիբանանեան օդուժին պատկանող քանի մը ուղղաթիռներ եւ իմացան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները անոնց մասին:
Աշակերտները դպրոց վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ:
