ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը:

Այս այցելութեան նպատակն էր աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններուն եւ նախամարդուն եղափոխութեան հետ:

Այցին սկիզբը թանգարանի տնօրէնուհին ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները, որոնք եկած էին իրենց նախապատմական գիտելիքները ամրապնդելու: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի տեսերիզի սենեակը, ուր դիտեցին Լիբանանի նախապատմութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը: Երկու խումբի բաժնուելէ ետք, անոնք շրջեցան թանգարանի սրահներէն ներս, ուշի ուշով եւ հիացումով լսեցին ուղեցոյցներուն բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ ուղղեցին իրենց հարցումները: Անոնք ականատես եղան նախամարդու գանկերու, Քարէ Դարէն մնացած կենցաղային եւ որսորդական գործիքներու, նախապատմական բնակարաններու մանրակերտերու:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան շատ խանդավառ եւ դրական տպաւորութիւններով: