ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼԻ ԲԵՐԴ ԵՒ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2018-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան, հայերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի ընկերային ծառայողին, այցելեցին պատմական Ժպէյլ քաղաքը: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Ժպէյլի պատմամշակութային արժէքներուն, ամրապնդել քաղաքին մասին իրենց պատմական եւ աշխարհագրական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ՝ Նոր Տարուան սեմին այցելել «Թռչնոց Բոյն»:

Այցելութիւնը բաղկացած էր երկու հանգրուանէ: Առաջին հերթին, աշակերտները այցելեցին 12-րդ դարուն կառուցուած Խաչակրաց բերդը: Զանոնք դիմաւորեց տիկին Մարսէլը, որուն ուղեկցութեամբ աշակերտները յաջորդաբար բացայայտեցին հին ջրհորը, լիբանանեան ոճով կառուցուած տունը, քանանական քաղաքակրթութենէն մնացած տուներու աւերակները, հռոմէական թատրոնը, փիւնիկեան արքայական դամբարանը, խաչակիրներուն կողմէ կառուցուած բերդը եւ անկէ ներս գտնուող հնագիտական թանգարանը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին զբօսավարին բացատրութիւնները, պատասխանեցին անոր ուղղած հարցումներուն եւ զարմացուցին զայն իրենց պատմական գիտելիքներով: 

Աշակերտներուն համար տպաւորիչ էր յատկապէս հռոմէական թատրոնը, որուն աստիճաններուն վրայ նստան, լսեցին անոր մասին բացատրութիւնները, ապա խումբ մը աշակերտներ՝ թատրոնին հարթակէն, իրենց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուցին թատերական դրուագ մը, զոր պատրաստած են Նոր Տարուան դպրոցական խրախճանքին համար: Ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը:

Աւարտելէ ետք բերդին շրջագայութիւնը, աշակերտները անցան քաղաքին հին շուկային մէջէն եւ քալելով հասան «Թռչնոց Բոյն»: Ճեմարանի տնօրէնութեան համաձայնութեամբ, որոշուած էր, նախակրթարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ, փոքրիկ նուէրներով ուրախացնել «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկները ամանորի առիթով: Աշակերտները դիմաւորուեցան «Թռչնոց Բոյնի» աշխատակազմին կողմէ, ապա անոնք առիթ ունեցան հանդիպելու եւ ծանօթանալու մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ: Վերջիններս Ճեմարանի աշակերտներուն համար երգեցին փունջ մը կաղանդի երգեր, որմէ ետք ստացան իրենց նուէր-ծրարները: 

DCIM106GOPROGOPR8750.JPG DCIM106GOPROGOPR8754.JPG DCIM106GOPROGOPR8759.JPG DCIM106GOPROGOPR8762.JPG DCIM106GOPROGOPR8764.JPG DCIM106GOPROGOPR8796.JPG DCIM106GOPROGOPR8798.JPG