ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺԱՊԱԼ ՄՈՒՍԱ

Գիտութեան դասի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013-ին, Զ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժապալ Մուսա, ուր բնութեան մէջ մէկ ժամ տեւած արշաւին ընթացքին՝ ուղեցոյցը բացատրութիւններ տուաւ շրջանին մէջ հազուագիւտ բոյսերուն եւ անասուններուն մասին։ Արշաւէն ետք, աշակերտները ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին հետ զրուցեցին բնութեան մէջ, առօրեայէ հեռու գտնուող հրաշալիքներուն մասին։ Գիտելիքներով հարստացած եւ ուրախ տրամադրութեամբ՝ աշակերտները վերադարձան դպրոց։