ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, 24 Մարտին այցելեցին Զուարթնոց Կեդրոն: Կեդրոնի աշակերտները զիրենք դիմաւորեցին գեղարուեստական յայտագրով մը: Ճեմարանի աշակերտները անոնց հետ մտերմիկ պահեր անցուցին՝ երգով, պարով ու կատակներով: Նշուեցաւ ԺԱ. դասարանէն երկու աշակերտներու ծննդեան տարեդարձը: Ճեմարանի աշակերտները նուէրներ յանձնեցին Զուարթնոց Կեդրոնին, ուրկէ հեռացան ուրախութեան եւ տխրութեան յուզումնախառն հոգեվիճակով:

asdad