ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն:

Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան պատմական անդրադարձէ մը ետք, աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն մասին: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր դասարան չունի յատուկ ծրագիր, այլ կը կիրարկուի իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական ծրագիր: Ան աւելցուց, որ «Զուարթնոց» կեդրոնը ունի բարերարներ եւ նպաստ կը ստանայ կառավարութենէն:

Տնօրէնուհին շեշտեց «Զուարթնոց» կեդրոնի մէջ անձնակազմ եւ ուսուցիչներ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը, այսպիսի գործ մը առաջ տանելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ աշակերտները ինքնաբաւ անհատներ դարձնել ընկերութեան մէջ:

Ճեմարանի աշակերտները շուտով ընտելացան «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն հետ, միասնաբար կերան, խմեցին ու պարեցին: