ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտները յաջորդաբար 5 եւ 12 Ապրիլ 2022-ին այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն:

Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Գէորգեան բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնին մասին: Ան յայտնեց, որ Զուարթնոց կեդրոնը հիմնուած է 1987-ին գաղութին ընկերային ծառայողներու միութեան հաւաքական աշխատանքով: Կեդրոնը օժտուած է արդիական կազմածներով, եւ դասարաններու բաժանումը կատարուած է ըստ կարողութիւններու, նոյնանման դժուարութիւններու: Ան աւելցուց, որ Կեդրոնը ունի բարերարներ եւ նպաստ կը ստանայ կառավարութենէն: Ան եզրափակեց ըսելով, որ Կեդրոնին մէջ աշխատողները կը հաւատան, որ ուսուցչութենէ աւելի է իրենց գործը, որ մեծ հոգատարութիւն եւ սէր կը պահանջէ:

Ճեմարանի աշակերտները դաստիարակուած են ընդունելու իրենցմէ տարբեր կարողութիւններ ունեցող անհատները. անոնք շուտով ընտելացան Զուարթնոցի աշակերտներուն հետ, ցուցաբերեցին շատ ջերմ գուրգուրանք եւ սէր, ապա բաժնուեցան փաթթուկներով եւ արցունքոտ փայլուն աչքերով: